2015-03-10 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 Մարտի թուիթը` ''Աստուած չի լքեր իր զաւակները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 10 մարտին հրատարակած թութին մէջ, Ֆրանչիկսոս Պապը հրաւիրեց յիշել թէ Աստուած մեր Հայրն է եւ թէ դաժան պահերու ընթացքին Անոր դիմելու ենք որովհետեւ Ան երբեք չի լքեր իր զաւակները։

''Դաժան պահերու ընթացքին յիշեցէք` Աստուած մեր Հայրն է։ Աստուած երբեք չի լքեր իր զաւակները'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր հրատարակած թուիթին մէջ։

Յայտնենք թէ @pontifex  թուիթերեան կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցած է արդեն 19 միլիոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.